Articles / Sargis Serobean
Sargis Serobean
Մեծ Պահքի,
Մախոխ Ապուրի Եւ Սոխն Ու Սխտորը
Ծեծելու Մասին
Երանելի օրեր էին, երբ հայ ժողովուրդը դեռ կ՛ապրէր ու կը շէնցնէր իր հայրենի լեռնաշխարհը, երբ կը տօնէր իր պապենական բնօրրանին մէջ Նաւասարդը կամ Ամանորը, Վարդավառն ու Տեառնընդառաջը, Զարզարդարն ու Զատիկը, երբ մեր աղջիկները դաշտեր կ՛ելլէին վիճակ հանելու, խարոյկին վրայէն թռչելու կամ ժամը օրհնուած խաղող բաժնելու…
Դարձեալ այդ երանելի օրերուն էր, որ փետրուարի ցուրտ եղանակը ջերմացնելու համար կու գար հայոց Մեծ Զատիկին աւետաբեր Բարեկենդանը, որուն անհոգ ուրախութեանց եւ անյագուրդ խրախճանքներուն կը հետեւէր Մեծ պահքը, որ իր կարգին կը նշանակէր վերադարձ դէպի հոգեւոր արժէքներու, ինքնամաքրման եւ զոհաբերման, այսինքն` մուտք գործել եօթշաբաթեայ պահեցողութեան շրջան:
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ Մեծ պահքի 49 օրերու ընթացքին պահք պահող հայերու համար արգելքի տակ էին կենդանական ծագում ունեցող ամէն տեսակի ուտելիքները, որոնց կը փոխարինէին բանջարեղէնն ու բուսական իւղերը, լուբիան, ոսպը, սիսեռը, գետնախնձորը, ձաւարեղէնը, մինչեւ իսկ թթու դրուած կամ չորցուած կանաչեղէններով պատրաստուած խորտիկներ, բայց յատկապէս` հռչակաւոր «Մախոխ» ապուրը, որ Մեծ պահքի ուղեկիցն էր ու խորհրդանշական ճաշատեսակը: Տարբեր վայրեր տարբեր ձեւեր ունեցող մախոխի պատրաստութեան ամենապարզ եղանակը հետեւեալն էր. կորկոտը լաւ մը եռացնելէ ետք, պաղեցնելով կը շաղախէին թթխմորով ու կը լեցնէին կարասի մը մէջ, որ խմորուելով թթուի: Ոմանք ալ գունդեր կը շինէին ու կը չորցնէին` պէտք եղած ժամանակ ջուրով բանալու համար:
Մախոխը պատրաստելու եւ կարասը լեցնելու ժամանակ տանտիկիններ երեխաներ կը կանչէին, որ կարասին մօտ քանի մը անգամ իշու նման զռան, որպէսզի մախոխը շուտ թթուի:
Այնքան նշանաւոր էր մախոխապուրը, որ շատ տեղեր ունէր իր յատուկ շուրջպարը: Տղամարդիկ կը խաղային մախոխապուրի պարը` առանց նուագի, գովերգելով Մեծ պահքը…
Բարով եկար, թթու մախոխ,
Ի՞նչ լուր բերիր հայրենիքէս:
Մենծ պասն էկաւ, կայնաւ թաթին (ոտքի ծայրին),
Աշկըս մնաց հալվա կաթին:
Մենծ պասն էկաւ դուռուլմիշ էղաւ (բազմեցաւ),
Փորիս փարգալ պօզմիշ էղաւ (փորի աղիքները պահող թաղանթը փչացաւ):
Պառուըները, պառուըները,
Ջուրը լցուաւ առուները:
Ախճիկները ծալած բոխճա (տօնական հագուստի ծրար),
Հարսները բաղ ու բախճա (այգի ու պարտէզ):
Թըստան, հոտած պառուըները,
Կէնա ւաւ են պառուըները:
Մեր սասունցի ընկերուհին` Պէսսէն ալ կը պատմէ, որ երեկոյեան տուն եկած ժամանակ մայրը եթէ` «ո՞ւր մնացիր», «ինչո՞ւ ուշացար» կամ նման պատրուակներով վէճ կը ստեղծէր, ինք անմիջապէս կը հասկնար, որ մաման նորէն «Սասունի թթու» կ՛եփէ:
Սասնայ շրջանի թթուի ճաշը, որուն մէջ կիտրոն, քացախ կամ այլ թթու նիւթ չի դրուիր, առանց վիճելու, առանց փոքր կռիւի ալ չի թթուիր, եւ ուրեմն պայման է որ գոնէ էրիկ-կնիկ փոքր վէճ մը յարուցանեն, որ թթուն համով ըլլայ:
Կարնոյ շրջանի հայեր, մախոխապուրի պարէն զատ, կը պարէին նաեւ «Ինչո՞վ ծեծենք սոխն ու սխտոր» պարը: Այդ պարի ղեկավարը պարի ընթացքին շարժումները յարմարցնելով պարերգի խօսքերուն` ցոյց կու տար, թէ ինչո՛վ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ծեծեն սոխն ու սխտորը:
Ինչո՞վ ծեծենք սոխն ու սխտոր
էկէք ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
Ինչո՞վ ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
Գլխով ծեծենք,
Գլխով ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ:
Էկէք ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
ինչո՞վ ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
Ակընջով ծեծենք,
Ակընջով ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ:
Էկէք ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
ինչո՞վ ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ,
Աշկով ծեծենք,
Աշկով ծեծենք սոխն ու սխտոր,
Կանաչ կխտոր, ջուխտ մանանեխ:
http://www.aztagdaily.com/archives/58508